2017-07-27 11:17:00

Քրիստոնէական դամբարան` Շուշիի մզկիթին մէջ


Յուլիս 22-24 ՀՀ զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի «Բացայայտէ քեզի համար երկիրդ» արշաւին ծիրէն ներս՝ Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան հետ համատեղ կազմակերպուած է հայաստանեան շարք մը ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներու ճանաչողական այցը Արցախ:

Այցի ծիրէն ներս՝  Հայաստանի շարք մը լրատուամիջոցներ այցելած են Արցախի տեսարժան վայրերը, որոնցմէ մէկը Շուշիի մզկիթն էր: Պարզուած է, որ մզկիթին մէջ, ուր այժմ կը կատարուին պեղման ու վերականգնման աշխատանքներ, յայտնաբերած են վաղ քրիստոնէական դամբարան: Թէ որո՞ւն դամբարանն է, ո՞ր թուականի կառոյց է, դեռ  պարզ չէ։ Այս մասին կը գրէ Iravunk.com-ը:

Յառաջիկային պիտի ներկայացուին Արցախի տեսարժան վայրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.